
Takavorn U Dzovi (Kral İle Deniz) Heinz Janisch PDF
- Yayınevi
- HİPPO
- Sayfa Sayısı
- 48
- ISBN
- 9786057469274
- Dil
- Türkçe
- Yayın Tarihi
- 2021-10-22

«Թագաւորն ու ծովը», որ արդի մանկական գրականութեան դասականացած համաշխարհային նմոյշներէն մէկն է եւ երկար ժամանակէ մը ի վեր անհամբերութեամբ կը սպասուէր նաեւ Թուրքիոյ մէջ, Այչա Սապունճուօղլուի բարձրորակ թարգմանութեամբ ու թարմացուած խմբագրութեամբ դարձեալ ձեզի հետ է։ Թագաւորի մը հանդիպումը ծովու, շուքի, անձրեւի եւ ամպի, գիշերուան ու երկնքի, ուրուականի, ծառի եւ դեռ բազմաթիւ շնչաւոր ու անշունչ առարկայի հետ… Երբեմն ինքզինք տկար զգալուն պատճառով բարկացող, երբեմն իր ուժին պատճառով զարմացող, երբեմն ալ թագաւորութեան սահմաններէն ներս տեղի ունեցածներուն դիմաց խանդավառուող թագաւորին ամէն մէկ հանդիպումը կը պատմուի նուրբ ու զգայուն փոքր հեքիաթներով։ Իւրաքանչիւր հեքիաթ մեծ թէ պզտիկ, ամէն տարիքէ ընթերցողը անզգալաբար կ՚առաջնորդէ երկար մտածումներու։ Պարզ, սակայն քնարական այս քսանմէ կ հեքիաթը, որ ի յայտ կը բերէ մրցանակակիր գրող Հայնց Եանիշի վարպետութիւնը, համահունչ է մրցանակակիր գծագրող Վոլֆ Էրլպրուխի իւրայատուկ նուազապաշտական նկարներուն ու քոլաժներուն հետ, ինչ որ գրքին կը պարգեւէ անզուգական ամբողջականութիւն մը։ Մանուկներու՝ իմաստասիրական ու մտածելու դաստիարակութեան համար լաւ սկզբնաւորութիւն մը կրնայ նկատուիլ «Թագաւորն ու ծովը»ի հեքիաթները, զորս ան կրկին ու կրկին պիտի կարդայ եւ ամէն անգամ վերստին պիտի յիշէ այդ փոքրիկ թագաւորը, որ պահուած է իւրաքանչիւրիս մէջ։
KİTAPİNDİR KİTAPLIĞIİstanbul Sanat Macerası & Çocuklar İçin Sanat ve Gezi RehberiAlp Gani Oral
KİTAPİNDİR KİTAPLIĞILa Fontaine'in MasallarıOrhan Veli Kanık
KİTAPİNDİR KİTAPLIĞIKızım Nerdesin?Aytül Akal
KİTAPİNDİR KİTAPLIĞIKış Ülkesi ÇocuklarıFerda İzbudak Akıncı
KİTAPİNDİR KİTAPLIĞIBinbir Gece MasallarıAnonim
KİTAPİNDİR KİTAPLIĞISevgi MasalıSamed Behrengi
KİTAPİNDİR KİTAPLIĞIMasallarLev N. Tolstoy
KİTAPİNDİR KİTAPLIĞIDemiryolu ÇocuklarıEdith Nesbit
KİTAPİNDİR KİTAPLIĞISon Ada'nın ÇocuklarıZülfü Livaneli
KİTAPİNDİR KİTAPLIĞIZuzu ile MinnakRefik Durbaş
KİTAPİNDİR KİTAPLIĞIZürafanın Upuzuuun DerdiErdoğan Oğultekin
KİTAPİNDİR KİTAPLIĞIZümrütlü Hançer / Bilmece KrallığıEbru Tulum